Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Գերմանական Reise-Stories ճամբորդական կայքէջը Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ յօդուած հրապարակած է Հայաստանի վերաբերեալ` «Հայաստան – հիասքանչ բնութիւնը կը հանդիպի 3000-ամեայ մշակոյթի պատմութեան» վերնագիրով: «Արմենփրես»-ը կը ներկայացնէ յօդուածի հակիրճ թարգմանութիւնը:
«Երբ առաջին անգամ կը մեկնիս Հայաստան, կը հասկնաս, որ արժէ այցելել այս երկիրը, որ աշխարհի մէջ առաջինն է՝ պետականօրէն ընդունած է քրիստոնէութիւնը: Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանը աշխարհի ամենահին քաղաքներէն է: Այստեղ կը գտնուի Մատենադարանը, ուր կը պահպանուին շուրջ 15.000 հայկական եւ 5.000 արտասահմանեան ձեռագիրներ: Ձեռագիրներու շատ նմուշներ եզակի են եւ քանի մը հարիւր կամ հազար տարուան պատմութիւն ունին, ինչպէս օրինակ` 986 թուականի Սանասարեան Աւետարանը կամ 12-րդ դարու աշխարհի քարտէսը:
«Երեւանի մէջ անպայման անհրաժեշտ է նաեւ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր: Յուշահամալիրի տարածքին տարբեր երկիրներու քաղաքական գործիչներ, ի յիշատակ Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու, ծառեր տնկած են:
«Մայրաքաղաք Երեւանէն մօտ 60 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Սեւանայ լիճը` Հայաստանի կապոյտ մարգարիտը: 1272 քմ² տարածքով այս լիճը աւելի քան երկու անգամ մեծ է, քան գերմանական Պոտենզէէ լիճը: Դէպի հարաւ տանող ճանապարհին կը գտնուի Նորատուզի գերեզմանատունը: Այստեղ կան 9-16-րդ դարերու բազմաթիւ եզակի խաչքարեր:
«Արարատ լեռը, որ ունի 5137մ բարձրութիւն եւ որու գագաթը տարուան մեծ մասը պատուած է ձիւնով, կը գտնուի Թուրքիոյ կողմը: Լեռը հայերու ազգային խորհրդանիշն է: Մինչ 1915-ի Ցեղասպանութիւնը Արարատի շրջակայքը հայեր բնակած են: Ըստ Աստուածաշունչի` մեծ ջրհեղեղէն ետք Արարատ լերան վրայ հանգրուանած է Նոյեան տապանը: Տպաւորիչ այս լեռը մօտիկէն տեսնելու համար կարելի է երթալ Խոր Վիրապ վանք: Այս սրբավայրը յայտնի ուխտատեղի է»: