Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբի լիագումար նիստը, Հինգշաբթի, 21 Յունիսին վաւերացուց 2019ի պետական ամավարկին մէջ արտաքին օժանդակութեանց առնչուող տեղակագիրը, որուն մէջ ներառնուած է Արցախին աջակցելու ծերակուտական Քրիս Վան Հոլընի առաջարկը։
Արդարեւ, վաւերացուած տեղեկագիրին մէջ կը շեշտուի, որ Արցախի գծով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող եւ երկարաձգուող տագնապին հետեւանքով, կենսական իմաստ ունի աջակցութիւն տրամադրել յատկապէս Արցախի մէջ վերականգնողական ջանքերուն, որոնցմէ մէկն է Քոքսի անուան Ստեփանակերտի կեդրոնը, որ վերջին 20 տարիներուն աջակցած է աւելի քան 15,000 վիրաւորներու։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան ողջունեց ծերակուտական Վան Հոլընի այս քայլը, որ Արցապի ժողովուրդին համար ամերիկեան յաւելեալ աջակցութիւն ապահովելու նորագոյն ջանքին նախաքայլը կը հանդիսանայ։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն Արցախի աջակցութիւնը ապահովելու նպատակով՝ շեշտը դրած է Արցախը ականազերծելու եւ վերականգնողական ջանքերուն վրայ։ Այս տարուան ամավարկին համար, Հայ Դատը Արցախի համար առաջարկած է առնուազն 6 միլիոն տոլարի աջակցութիւն, որ մաս կը կազմէ «Խաղաղութիւն Եւ Բարգաւաճում» խորագիրին տակ ներկայացուած համապարբակ ծրագիրի մը՝ ուղղուած Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց։ Մանրամասնութեան, ծանօթանալու համար այցելել՝ https://anca.org/press-release/anca-backs-targeted-70-million-peace-prosperity-aid-package-artsakh-armenia կայքէջը։