Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Յունիս 6ին հրամանագիրներ ստորագրած է, որոնցմով փոխուած են կառավարութեան շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ ուժային կառոյցներու ղեկավարներ:
Հրամանագիրներուն համաձայն`
Գրիգորի Մարտիրոսեան նշանակուած է պետական նախարար` ազատուելով ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնէն, Արթուր Յարութիւնեան նշանակուած է Ելեւմուտքի նախարար, գնդապետ Սամուէլ Շահրամանեան նշանակուած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, գնդապետ Իկոր Գրիգորեան նշանակուած է ոստիկանութեան պետ:
Նախապէս Արայիկ Յարութիւնեան իր դիմումին համաձայն ազատուած էր պետական նախարարի պաշտօնէն, զօրավար-հարիւրապետ Արշաւիր Ղարամեան` Ազգային անվտանգութեան տնօրէնի պաշտօնէն, զօրավար-աւագ սպայ Կամօ Աղաջանեան` ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն:
Լեռնային Ղարաբաղի նորանշանակ պետական նախարար 40ամեայ Գրիգորի Մարտիրոսեան մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, վերջին 20 տարուան ընթացքին շարք մը պաշտօններ զբաղեցուցած Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ, իսկ 2017ին նշանակուած է Ելեւմուտքի նախարար: Զուգահեռաբար կը դասաւանդէ Արցախի պետական համալսարանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 1ին Ստեփանակերտի մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ տեղի ունեցած ծեծկռտուքէն ետք բողոքի ցոյցի դուրս ելած Ացախի բնակիչները կը պահանջէին ուժային կառոյցներու ղեկավարներու հրաժարականը: