Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Արցախի իրադարձութիւններուն մասին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի տեսակէտը իմանալու նպատակով 168.am-ը հարցում ուղղած է նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան:
Հարցումը եւ անոր պատասխանը կը ներկայացնենք ստորեւ.
– Ինչպէ՞ս կը գնահատէ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը Ստեփանակերտի մէջ ծայր առած բողոքի գործողութիւնները:
– Հանրապետութեան նախագահը կ՛ողջունէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ Հայաստանի վարչապետի յորդորին հիման վրայ Ստեփանակերտի մէջ բողոքի գործողութիւններու դադրեցումը: Նախագահ Սարգսեան ամէնօրեայ դրութեամբ կապի մէջ է Արցախի նախագահին հետ, ստեղծուած իրավիճակին շուրջ կը խորհրդակցի նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարութեան եւ հեղինակաւոր մարդոց հետ:
Նախագահը գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ Արցախի իշխանութիւնները արագ արձագանգեցին ցաւալի միջադէպին, որ դատապարտուեցաւ, որակուեցաւ անթոյլատրելի եւ ստացաւ իրաւական գնահատական: Արցախի Ազգային ժողովին մէջ կազմուեցաւ քննիչ յանձնաժողով՝ ստեղծուած վիճակին մասին համապարփակ քննարկումներ իրականացնելու համար:
Դէպքին շուրջ ծաւալած զարգացումները ցոյց կու տան, որ Արցախի ժողովուրդը կը ցուցաբերէ քաղաքական եւ քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն:
Նախագահը կը կիսէ այն գնահատականը, որ Արցախի համար բացառիկ արժէքներ են ներքին կայունութիւնը, պետական հիմքերու անսասանութիւնը, երկրի պաշտպանողունակութեան հետեւողական բարձրացումը, որոնց կարելի է հասնիլ Արցախի բնակիչներու աշխատանքի եւ կեանքի խաղաղ պայմաններու ապահովման եւ կենսապայմաններու բարելաւման նպատակով ընկերա-տնտեսական հարցերու լուծման միջոցով: