Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ Կամօ Աղաջանեան Յունիս 6ին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին՝ «հաշուի առնելով իմ հրաժարականի ներկայացման վերաբերեալ հասարակութեան մէջ առաջացած պահանջը»:
«Վերջին շրջանին յառաջացած բողոքի ալիքը խորհելու առիթ տուաւ բոլորիս. մտահոգութեանս պատճառը իմ հրաժարականի պահանջը չէր միայն, այլեւ՝ երկրի ներքին անվտանգութիւնը չխաթարելու եւ ներքաղաքական սրացումներէն զերծ մնալու նպատակը», յայտարարեց Աղաջանեան:
Ան հաւաստիացուց, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ հաւատարիմ մնալ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման գործին եւ հայրենիքին սպառնացող իւրաքանչիւր վտանգի պարագային՝ սեփական օրինակով ապացուցել այդ մէկը: «Եղած եմ եւ կը մնամ հայրենիքիս զինուորը», ըսաւ Աղաջանեան:
Նոյն օրը, Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) պետ Արշաւիր Ղարամեան եւս հրաժարականի դիմում ներկայացուց:
Նշենք, որ Յունիսի 1ին, Ստեփանակերտի մէջ բախում մը տեղի ունեցած էր ԱԱԾ աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ: Անոր յաջորդած էին բողոքի ցոյցեր, որոնց ընթացքին քաղաքացիները կը պահանջէին ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն հրաժարականը:
Աւելի ուշ, նախագահ Սահակեանի հրամանագիրով՝ գնդապետ Իգոր Գրիգորեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ, իսկ գնդապետ Սամուէլ Շահրամանեան՝ Արցախի ԱԱԾի տնօրէն: