Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայիս 22-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիար Մխիթար Հայրապետեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։
Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ նախարարին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք՝ կարեւոր եւ պատասխանատու այդ յանձնառութեան մէջ:
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ անցնող տարիներուն ընթացքին նախարարութեան եւ Մայր Աթոռի կառոյցներուն միջեւ ձեւաւորուած սերտ գործակցութեան` համոզումով, որ տարբեր ծրագիրներու ծիրէն ներս՝ անիկա պիտի շարունակուի: Գարեգին Բ Կաթողիկոս ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին, միշտ կամուրջ հանդիսանալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, ջանացած է ազգային ինքնութեան ու հայապահպանութեանն ուղղուած ծրագիրներով զօրացնել աշխարհասփիւռ հայութեան կապը Հայրենիքի հետ եւ ամրապնդել միասնականութեան ոգին:
Իր հերթին, Սփիւռքի նախարարը ներկայացուց ոլորտի առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ իր տեսլականը` յատկապէս առանձնացնելով հայպահպանութիւնն ու հայրենադարձութիւնը: Հայրապետեան նշեց, որ յիշեալ հարցերուն մէջ չի պատկերացներ աշխատանքը առանց Հայ Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան:
Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ 2018-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէն Երիտասարդութեան տարի հռչակման ծիրէն ներս իրականացուող ծրագիրներուն, ի մասնաւորի Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ակնկալուող հայ երիտասարդներու այցելութիւններուն մասին: