Աղբիւր՝ www.yerkirmedia.am
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը շնորհաւորել է ՀՀ նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Նա յոյս է յայտնել, որ վարչապետը Արցախի ու հայ ազգի գերագոյն շահերն ու ձգտումները քաղաքական նկատառումներից վեր կը դասի, նոր ծաւալ ու որակ կը տայ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեանը` այն դարձնելով իր կեանքի ու գործի մղիչ ուժը:
«Սիրելի' պրն. Փաշինեան,
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութէամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով կողջունենք Ձեր ընտրութիւնը, որպէս Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Արդարեւ, դուք այս յոյժ պատասխանատու պաշտօնը կը ստանձնէք Հայաստանի պատմութեան ներկայ ճշդորոշիչ հանգրուանին: Մենք մօտէն հետեւեցանք Ձեր առաջնորդութեամբ տեղի ունեցած ժողովրդային շարժումին եւ հայրենիքէն ներս ընկերային արդարութիւն հաստատելու Ձեր խոստումին: Գնահատեցինք Ձեզ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակները հեռու պահեցիք բռնարարքներէ ու արիւնահոսութենէ, եւ սիրոյ ու համախոհութեան ոգին դարձուցիք մղիչ ուժը ժողովրդային շարժումին:
…Ջերմօրէն կողջունենք Ձեր ընտրութիւնը: Պիտի մնանք զօրակից Ձեզի ու Ձեր գլխաւորած կառավարութեան, եւ միշտ ու գործնապէս մասնակից` հայրենաշինութեան առաքելութեան:
Կաղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ զօրեղ պահէ Ձեզ, որպէսզի կարենաք յաջողութամբ իրագործել Ձեր հայրենանուէր ծրագիրները»,-մասնաւորապէս ասուած է յայտարարութեան մէջ: