Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Պելճիքացի մօտ երկու տասնեակ պատգամաւոր հանդէս եկած են յայտարարութեամբ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէն Ինթըրփոլին դիմելու առնչութեամբ:
Յայտարարութեան մէջ ըստ panorama.am-ին ըսուած է.
«Կ’ափսոսանք, որ ատրպէյճանական իշխանութիւնները ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը ձերբակալելու պահանջով դիմած են Ինթըրփոլ՝ Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախ այցելելու համար: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հանրային նշանակութեան կազմակերպութիւն է, որու գործունէութիւնը ուղղուած է քաղաքացիական գործունէութեան միջոցով հանրային տեղեկացուածութեան բարձրացման։
Հակառակ անոր, որ միջազգային իրաւունքի մէջ նախատեսուած չեն իրաւապատասխանատւութեան համապատասխան հիմքեր, որոնք կրնան որեւէ մէկուն համար Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու արգելք հանդիսանալ, ատրպէյճանական իշխանութիւնները վախի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն եւ կը փորձեն քրէականացնել նման այցերը։
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ուղղուած մեկուսացման քաղաքականութեան պարտադրումը կը խախտէ անոնց՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի մէջ ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները եւ կառուցողական չէ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։
Մենք համոզուած ենք, որ Ինթըրփոլը քաղաքական հետապնդման կամ ահաբեկման հարթակ պիտի չդառնայ։ Մենք ընդամէնը կ’ընդգծենք, որ հակամարտութեան տեւական կարգաւորման հնարաւոր է հասնել միայն երկու կողմերու միջեւ անկողմնակալ երկխօսութեան միջոցով ՝ ներգրաւելով նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի/Արցախի ժողովուրդը»: