Աղբիւր՝ www.yerakouyn.am
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեան 26 մարտին ընդունած է 2009-2012 թւականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Հանս-Եոխեն Շմիտթը:
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարը ողջունած է գերմանացի դիւանագէտը հերթական այցելութեան համար` նշելով, որ բարձր կը գնահատէ Արցախի հետ անոր ունեցած անշահախնդիր բարեկամութիւնը: Հանս-Եոխեն Շմիտթի խնդրանքով` Ա. Յարութիւնեան ներկայացուցած է Արցախի ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է ներդրումային շարք մը ծրագիրներու: Դեսպան Շմիտթը շնորհակալութիւն յայտնած է Ա. Յարութիւնեանին ջերմ ընդունելութեան համար եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած իր այցելութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տնտեսութեան շարք մը ոլորտներու մէջ Արցախի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութեան հեռանկարներուն շուրջ: