Աղբիւր՝ www.yerakouyn.am
«Զօրաց քարեր»-ու, Խոր Վիրապի տարածքները պիտի վերածւին զբօսաշրջային կեդրոններու: Հայաստանի մէջ պիտի բարեկարգւին զբօսաշրջական վայրերը, պիտի կառուցւին նոր կեդրոններ:
Համաշխարհային դրամատան եւ կառավարութեան միջեւ կնքւած վարկային համաձայնագրի ծիրէն ներս կը նախատեսւի Արարատի, Կոտայքի, Լոռիի, Սիւնիքի, Վայոց Ձորի, Շիրակի մարզերուն մէջ Հարաւային միջանցք զբօսաշրջային զարգացման ռազմավարութեան եւ տեղական տնտեսութեան, ենթակառուցւածքներու զարգացման ծրագիր իրականացնել, որ պիտի նպաստէ պատմամշակութային, հոգեւոր եւ ճարտարապետական յուշարձաններու շրջակայքին զբօսաշրջային գօտիներու եւ սպասարկման կառոյցներու ստեղծման, տարածքային ենթակառուցւածքներու բարելաւման ու զարգացման:
Այս մասին՝ ըստ «Սփութնիք»-ի՝ կը յայտնեն Հայաստանի տարածքային զարգացման հիմնադրամէն: Հիմնադրամէն նաեւ կը տեղեկացնեն, որ Գառնիի մէջ կը նախատեսւի «Քարերու սիմֆոնիա» բնական յուշարձանին յարող տարածքի բարեկարգում եւ դէպի յուշարձան տանող ճանապարհի վերակառուցում, Գիւմրիի մէջ` «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոցային գօտիի բարեկարգում, Սիւնիքի մէջ` «Զօրաց քարեր» բնական յուշարձանին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում, դէպի Տաթեւ վանական համալիր տանող ճանապարհի վերակառուցում, իսկ Արարատի մէջ` Խոր Վիրապ վանական համալիրին յարող տարածքին մէջ զբօսաշրջային կեդրոնի կառուցում:
Ասիական Զարգացման դրամատան ֆինանսական աջակցութեամբ կը նախատեսւի կեանքի կոչել «Երկրորդային քաղաքներու մէջ` որպէս աճի բեւեռ, առաջնահերթ հիմնախնդիրներու լուծման ծրագիրը», մասնաւորապէս Վանաձորի, Ծաղկաձորի, Սեւանի, Ջերմուկի մէջ պիտի իրականացւի քաղաքային միջավայրի, զբօսաշրջային եւ հանգստեան վայրերու բարեկարգման, ճանապարհներու վերականգնման, պատմամշակութային կառոյցներու պահպանման եւ բարելաւման գործընթացը: