Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, աշխարհասփիւ՛ռ հայեր,
Փետրուար 21-ին, աշխարհի շատ ժողովուրդներ կը տօնեն ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի կողմէ հաստատուած Մայրենիի օրը: Աշխարհի հետ միասին՝ մենք եւս պետականօրէն կը նշենք զայն, սակայն այս օրը համայն հայութեան համար ունի առանձնայատուկ նշանակութիւն: Օրուան խորհուրդը, անկասկած, մեծ ու պարտաւորեցնող է, անիկա նախ եւ առաջ զօրաւոր ազդակ է պահել-պահպանելու մեր ազգային ժառանգութեան մեծագոյն գանձը` հայոց լեզուն, հայ ինքնութեան ու ազգային միաբանութեան առաջնային գրաւականն ու հայապահպանութեան հիմնասիւնը, ուծացման վտանգի դէմ զօրեղ վահանը: Այսօր` համաշխարհայնացող աշխարհի համահարթեցման պայմաններուն մէջ, սեփական լեզուի կիրառումը, ուսուցումն ու փոխանցումը պէտք է հրամայական դառնան, քանզի համընդհանուր ձուլման ովկիանոսը անհետեւողականութեան, անտարբերութեան պայմաններուն մէջ մեզմէ հեշտութեամբ կը խլէ մեր հոգեւոր աւիւնը` մայրենի լեզուն, ատոր հետ նաեւ մեր արժէքները, ինքնութիւնը, պատմութիւնը:
Համայնքներուն եւ Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն մէջ մայրենիի ուսուցումը պէտք է դառնայ առաջնային նպատակ, որ հայ աշակերտը, երիտասարդը խօսի՛, կարդա՛յ ու մտածէ՛ հայերէն, հայ մանուկը վաղ մանկութենէն սորվի հայկական բառն ու բանը, ունենայ հայերէն լեզուամտածողութիւն: Այսօր բարձր արհեստագիտութիւններու միջոցով կրնանք հասնիլ ցանկալի արդիւնքի. հեռավար ուսուցման կազմակերպում, հայկական խաղեր, իրար հետ համացանցի վրայ հաղորդակցուելուն հայերէն տառերու օգտագործում` ամէնուր գիտակցելով մեր ոսկեղինիկ լեզուի աստուածային էութիւնը: Ալիշանը կ’ըսէր. «Ուր որ հայրենի երգեր կը լսուին` հոն հայրենիքը ողջ է…»: Ուրեմն եկէ՛ք խօսինք, մտածենք, ապրինք, երգենք, աղօթենք հայերէն:
Այսօր Հայաստան պետութիւնը կ’ընէ ամէն հնարաւոր բան հայոց լեզուի երկու ճիւղերու` արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի պահպանման, փոխանցման, մերձեցման ու զարգացման համար: Հայրենիքը մայրենիի պահապանն է ու կենսունակութեան աղբիւրը, որուն կենարար ջուրը, վստահ եմ, կ’ապրեցնէ, կը հազարապատկէ ձեր մէջ եղած սէրն առ մայրենին, հայեցի խօսքը, միտքը:
Սիրե՛նք, սորվի՛նք ու փոխանցե՛նք մայրենին, թո՛ղ համայն հայութեան շրթունքներուն ծաղկի այն ու դառնայ մեր խարիսխը յաւերժութեան ովկիանոսին մէջ: