Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Լեռնագոգ գիւղի մօտ հնագէտները նոր բացայայտում ըրած են: «Լեռնագոգ-1» հնավայրին մէջ բացայայտուած է տարածք, որ կը թուագրուի Ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով- 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Այս մասին լրագրողներու հետ կայացած հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեան:
«Առաջին անգամ այս տարածաշրջանին մէջ արձանագրած ենք կայուն բնակատեղի, որու ստորին շերտերը կը թուագրուին Ք.ա. 8-րդ հազարամեակի վերջով եւ 7-րդ հազարամեակի սկիզբով: Մինչ այդ Հայաստանի տարածքին հնագոյն բնակատեղիներու շերտերը առաւելագոյնը, որ կրնայինք թուագրել, Ք.ա. 6-րդ հազարամեակի առաջին քառորդն էր: Սա 2017-ի հիմնարար հետազօտութիւններու փայլուն արդիւնքներէն է»,-նշած է Պաւել Աւետիսեան:
Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ բնակատեղիի մէջ ապրող հասարակութիւնը տիրապետած է որոշակի ճարտարապետական հմտութիւններու: ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտաշխատող Արթուր Պետրոսեանի խօսքով` այդ հատուածին մէջ գտնուած են կաւէ շինութեան հետքեր։