Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին ջանքերով յայտնաբերուած են մինչ օրս անյայտ շուրջ քսանհինգ նոր լուսանկարներ՝ Մուսա Լերան հերոսամարտի մասնակիցները ֆրանսական ռազմանաւերու միջոցով տեղահանելու տեսարաններով: Այս մասին, «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ նշած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան:
Յայտնաբերուած բնօրինակ լուսանկարները առնուած են Սեպտեմբեր 1915ին, ֆրանսական նաւատորմի սպայի մը կողմէ: Լուսանկարները կը ներկայացնեն նաւակներով խաղաղ հայ բնակչութիւնը դէպի ռազմանաւեր տեղափոխելու գործողութիւնները, նաւերու տախտակամածին անոնց տեղաւորումն ու այլ տեսարաններ:
Նորայայտ բնօրինակ այս լուսանկարները հանրութեան պիտի ներկայացուին Ապրիլ 2018ին: