Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Աւանդոյթի համաձայն «Գրանդ Հոլդինգ» («Grand Holding» ) ընկերութիւնը կը շարունակէ ամանորի նուէրներ բաժնել Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ Տաւուշի մարզի սահմանապահ զօրամասերու զինուորներուն եւ սպաներուն: Յառաջիկայ տօները Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուորներն ու սպաները եւս պիտի դիմաւորեն «Գրանդ Հոլդինգ»-ի նուէրներով:
Ընդհանուր առմամբ 68 միլիոն դրամի աւելի քան 15 հազար տոպրակ քաղցրաւենիք եւ ծխախոտ բաժանուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին: Այդ նուէրներէն պիտի օգտուին նաեւ մարտական դիրքերու մէջ ծառայութիւն իրականացնող զինուորականները: «Գրանդ Հոլդինգ»-էն ամանորի նուէրներ պիտի ստանան նաեւ Տաւուշի մարզի սահմանապահ զօրամասերուն մէջ ծառայող զինուորականները: Տաւուշի սահմանապահ զօրամասերուն «Գրանդ Հոլդինգ»-ը բաժնած է 42 միլիոն դրամի նուէր:
«Գրանդ Հոլդինգ»-ի սեփականատէր Վարդանեան եղբայրները կ՛ըսեն, որ իրենց համար բանակը Հայաստանի եւ Արցախի ամենակարեւոր օղակներէն մէկն է:
Վարդանեան ընտանիքի համար շատ կարեւոր է իւրաքանչիւր զինուորի եւ սպայի նկատմամբ ուշադրութիւնն ու վերաբերմունքը: Հայաստանի եւ Արցախի պետական սահմանները պահող զինուորներու եւ սպաներու բարեխիղճ ծառայութենէն կախուած է նաեւ թիկնունքի բարեկեցութիւնն ու ընդհանուր առմամբ Արցախի եւ Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացումը: