Աղբիւր՝ www.asbarez.com
Մեքսիքայի խորհրդարանի նախագահ Հորհէ Քարլոս Ռամիրեզ Մարին հանդիպում մը ունեցած է Մեքսիքայի մօտ Ատրպէյճանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Մամետ Թալիպովի հետ, որ, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ քննարկած է անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած մեքսիքացի պատգամաւորներու Արցախ այցելութիւնը։
Դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշւի, թէ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յանձնարարութեամբ՝ դեսպանատունը բողոքագիր մը յղած է Մեքսիքայի արտաքին գործոց նախարարութեան։
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 24ին, Մեքսիքայի խորհրդարանի երեք երեսփոխաններ այցելած էին Արցախի Հանրապետութիւն, ուր հանդիպումներ ունեցած էին շարք մը պաշտօնատարներու հետ։ Անոնք նաեւ այցելած էին Արցախի ազատագրական պայքարի նահատակներուն նւիրւած Ստեփանակերտի յուշահամալիրը: