Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Գիւմրիի մէջ տնակի մէջ ապրող 32-րդ ընտանիքը տուն ստացաւ: Յակոբեաններու ընտանիքը 21 տարիէ տնակի մէջ կապրէր: Ընտանիքին մայրը` Արմէնուհի Յակոբեանը, ամուսնալուծւած է եւ կաշխատի մանկապարտէզի մէջ, որպէս դաստիարակի օգնական:
Աւագ տղան` Արամը, կուսանի քոլեճի խոհարարական բաժնին մէջ, իսկ փոքրը` Արթուրը, մարզանքով կը զբաղի, բռնցքամարտիկ է, ունի մետալներ: Երկու տղաներն ալ հիւանդութեան պատճառով ազատւած են բանակէն:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, Ամերիկայի մէջ գործող «Հայաստան հիմնադրամ» կազմակերպութեան աջակցութեամբ, ընտանիքին անակնկալ պատրաստած էր` սեփական բնակարան Մուշ թաղամասին մէջ, կը յայտնէ հիմնադրամի մամուլի ծառայութիւնը:
Յակոբեաններու ընտանիքը 32-րդ ընտանիքն է Գիւմրիի մէջ, որ տնակէն տուն կը տեղափոխւի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աջակցութեամբ: Հիմնադրամը Գիւմրիի տնակներու մէջ ապրող ընտանիքներուն բնակարաններով կապահովէ 2014-էն ի վեր: