Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սեպտեմբեր 1ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է. «Եթէ արեւմտեան երկիրները հետեւէին ԵԱՀԿի հռչակագիրներուն, ապա Ղարաբաղի, Քոսովոյի, Ուքրանիոյ եւ Մերձտնեսթրի հակամարտութիւնները վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլային»։
Ըստ անոր՝ Ռուսիա հակուած է պահպանելու վերջին 20 տարիներուն ԵԱՀԿի եւ Ռուսիա-ՆԱԹՕ խորհուրդին կողմէ վաւերացուած հռչակագիրները. «Կը փափաքինք ապահով տարածք պահպանել եւրատլանտեան եւ եւրասիական շրջանին մէջ։ Ո՛չ ոք պիտի կրնայ ամրապնդել իր ապահովութիւնը՝ ոտնահարելով միւսներունը», ըսած է Լաւրով:
«Դժբախտաբար, այդ հռչակագիրները մնացին թուղթի վրայ՝ իբրեւ քաղաքական խոստումներ: Անոնք պարտադիր դարձնելու մեր փորձերը մերժուեցան արեւմտեան երկիրներու կողմէ», եզրակացուցած է ան։