Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Այսօր Արցախի Հանրապետութեան 217 դպրոցներու մէջ կայացաւ «Առաջին զանգ»-ի արարողութիւն:
Այս մասին «Արցախփրես»-ին ըսած է Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնամարզութեան նախարար Սլաւա Ասրեան` տեղեկացնելով, որ այս տարի առաջին դասարան ընդունուած է շուրջ 2500 աշակերտ:
«Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առթիւ եւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձի առիթով կը շնորհաւորեմ դպրոցականները, ուսուցչական կազմերը եւ համայն հայութիւնը: Այսօր մեր հասարակութեան համար գիտելիքը կարեւոր դերակատարութիւն ունի, իսկ գիտելիքի հիմքերը կը դրուին ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Արցախի մէջ գործող բոլոր կրթական օճախները կը գործեն լիարժէքօրէն` կատարելով իրենց մեծ առաքելութիւնը»,-ըսած է ան: