Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդ Ալահշուքիւր Փաշազատէ Սեպտեմբերին հանդիպում պիտի ունենան. այս մասին յայտնած է Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ. Մելիքեան:
Նախնական տուեալներով՝ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 8ին, Մոսկուայի մէջ: Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ հանդիպումը, որ կը կազմակերպուի համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա.ի միջնորդութեամբ, առիթ մը պիտի հանդիսանայ կարծիքներ փոխանակելու Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին ներկայ վիճակին մասին:
Կրօնական առաջնորդները նաեւ պիտի քննարկեն ապագայ լարուածութեանց կանխարգիլման ուղղութեամբ առնուելիք հաւանական քայլերը: