Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ սպայակոյտի անօդաչու թռչող սարքերու կիրառման համակարգի զարգացման վարչութեան պետ Ալեքսանտր Նովիքով յայտարարած է, որ Հայաստան ու Սերպիա պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց զօրամիաւորումներով մասնակցելու Ռուսիոյ նախաձեռնութեամբ ստեղծուող միջազգային դաշինքին, որուն նպատակն է Սուրիոյ մէջ ականազերծման աշխատանքներ իրականացնել:
«Իրանի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ, Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պաշտպանութեան նախարարութեանց ներկայացուցիչներուն համապատասխան հրաւէրներ ուղարկուած էին այս առթիւ: Հայաստան եւ Սերպիա պատրաստ են ուղարկելու իրենց զօրամիաւորումները: Չինացիներուն մասնակցութեան հարցը կը քննարկուի տակաւին», ըսած է Նովիքով: