Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, Ուրբաթ, 18 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համաժողովին եւ Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նախապատրաստման աշխատանքներուն:
Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող հիմնական մօտեցումներուն եւ այդ մարմինի կազմաւորման կարգին վերաբերեալ զեկուցեց Սահմանադրական դատարանի նախագահ, կազմակերպչական յանձնախումբի աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներէն Գագիկ Յարութիւնեան: Ներկայացուած մօտեցումները քննարկման առարկայ պիտի դառնան Սեպտեմբեր 18էն 20 կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք 6րդ համաժողովին ընթացքին:
Հաշուի առնելով համահայկական նոր կառոյցին վերաբերեալ նախորդ տարիներու քննարկումները՝ նախագահը յանձնարարեց նախապատրաստել Համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման նպատակներու, անդամակցութեան չափանիշներու, 2018ին կայանալիք հիմնադիր նիստի օրակարգի եւ աշխատակարգի նախագիծերը՝ շահագրգիռ բոլոր կողմերուն, Սփիւռքի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն հետ համապատասխան քննարկումներու լոյսին տակ:
Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելուն շուրջ նախապատրաստական աշխատանք կատարելու մասին որոշումը միաձայնութեամբ ընդունուած էր Սեպտեմբեր 2015ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի 6րդ նիստին ընթացքին: Նոյն նիստին նաեւ ձեւաւորուած էր կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն յանձնարարուած էր նախաձեռնել խորհրդատուութիւններու լայն, ներառական գործընթաց: Աշխատանքներու համակարգման պատասխանատուներ նշանակուած էին Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը եւ այդ ժամանակուան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը:
Նշենք, որ համահայկական վեցերորդ համաժողովին կ՛ակնկալուի շուրջ 1200 հրաւիրեալներու մասնակցութիւնը: Նախապէս «Ասպարէզ» տեղեկագրած էր 8200 հոգիի մասնակցութեան մասին: