Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
830 բնակիչ ունեցող Սիւնիքի մարզի Հարժիս գիւղի անուանումը դեռ յստակ ստուգաբանութեան ենթարկուած չէ: Հարժիսի միակ դպրոցի տնօրէն Նորայր Եսայեանը կը փոխանցէ իր մեծ հայրերէն լսած առասպելը, թէ «Հարժիս» անուանումը «արժէք» բառի փոխուած ձեւն է: Իսկ «արժէքաւոր» համարուած է այս տարածքը՝ երկու պատճառով․ նախ` 10-րդ դարէն այստեղ գործած է գաղտնուղի դէպի Տաթեւի վանք, երկրորդ` տարածքին մէջ եղած են արծաթի պաշարներ:
Արժէքաւոր գիւղ, արժէքաւոր նուէրներով, Օգոստոս 10-ին, այցելած էր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը: Ուսումնական տարուան ընդառաջ՝ հարժիսցի բոլոր՝ 82 երեխաները, նուէր ստացան գրենական պիտոյքներ: Երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ կը բանային նուէր ստացած դպրոցական ուսապարկերը, ուր կը գտնէին դպրոցի համար անհրաժեշտ ամէն ինչ` գրչատուփեր, հաշուիչներ, ջրաներկեր, կաւ, գծագրութեան տետրակներ, տետրեր, գրիչներ եւ այլն:
Հարժիսի դպրոցը կը գործէ 1960-ականներէն, այդ օրերէն անիկա չէ վերանորոգուած: Գիւղացիները կ՝ապրին բաւական ծանր պայմաններու մէջ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր Մեծ Բրիտանիոյ տեղական մարմինին ֆինանսաւորումով, արդէն տասը տարի է Հայաստանի տարբեր մարզերու գիւղերուն կը նուիրաբերէ գրենական պիտոյքներ` ընտրելով սահմանամերձ կամ անապահով գիւղերը: Այս տարի ծրագիրով ընդգրկուած էին Սիւնիքի մարզի Հարժիս եւ Իշխանասար գիւղերը: