Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Իրանը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցով ի սկզբանէ ցուցաբերած է կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում, եւ Արցախը բարձր կը գնահատէ այդ դիրքորոշումը: Իրանը 1990-ականներուն ընդհուպ հանդէս եկած է աշխուժ միջնորդական առաքելութեամբ:
Այժմ այդ առաքելութիւնը կարծես կրաւորական փուլի մէջ է, բայց աշխուժ կը մնայ Իրանի դերակատարութիւնը շրջանային քաղաքականութեան մէջ: «Փանորամա»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի այն յայտարարութեան, որ Թեհրանը մեծ կարեւորութիւն կու տայ շրջանի, յատկապէս` սահմանակից շրջաններուն մէջ լիարժէք անվտանգութեան հաստատման, եւ որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ միջոցով:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը այդ աշխարհաքաղաքականութեան մէկ բաղադրիչն է, ոչ թէ առանձին, անջատ հարց: Հետեւաբար, Իրանը ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ շրջանին մէջ քաղաքական հոլովոյթներուն վրայ: Թեհրան մշտապէս հանդէս եկած է տագնապի խաղաղ լուծման օգտին, բացառած պատերազմը եւ ուժի կիրարկումը: Ասիկա շատ կարեւոր է, քանի որ կը բխի նաեւ Իրանի շահերէն: Այդ երկիրն է, որ անմիջապէս սահամանակից է ե՛ւ Հայաստանին, ե՛ւ Արցախին, ե՛ւ Ազրպէյճանին», ըսած է Բաբայեան:
Դաւիթ Բաբայեանի համաձայն, Իրան հրաշալի ձեւով կը հասկնայ, որ շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմը զինք, կամայ թէ ակամայ, պիտի դարձնէ տագնապի մասնակից:
«Այդպէս եղած է 1991-1994 թուականներուն, երբ Ազրպէյճանը ապօրինի ձեւով օգտագործած է Իրանի տարածքը, այդպէս եղած է ապրիլեան պատերազմի ընթացքին, երբ հրթիռակոծած է Իրանի տարածքը` ի հարկէ յետոյ յայտարարելով, որ պատահաբար եղած է», եզրափակած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարը: