Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի վերընտրութենէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատեց վերընտրեալ Պրն. Նախագահին հետ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը, միաժամանակ վերահաստատելով Կաթողիկոսութեան եւ անոր Թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդող բոլոր աշխատանքներուն։
Ապա, Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորական գիր մը յղեց Պրն. Նախագահին, ուր ըսաւ. «Անցնող տարիներուն Դուք բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով ու ամբողջական յանձնառութեամբ ծառայեցիք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Դուք Ձեր գերագոյնը կատարեցիք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան առաւել ամրապնդման, ժողովուրդի տնտեսական կեանքին առաւել բարելաւման, ինչպէս նաեւ մեր քաջարի բանակին առաւել հզօրացման։ Միջազգային քաղաքական ու դիւանագիտական յարաբերութեանց ծիրէն ներս, Դուք ամրօրէն պաշտպանեցիք Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի ինքնորոշման արդար իրաւունքը։ Այս խոր համոզումէն մղուած, Ղարաբաղի ժողովուրդը ներկայացնող պատգամաւորները Ձեզ հրաւիրեցին շարունակելու Ձեր հայրենանուէր ծառայութիւնը»։
Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ «Ղարաբաղի Հանրապետութեան ամուր պահպանումը Հայաստանի Հանրապետութեան ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի պահանջատիրութեան համար ճակատագրական կարեւորութիւն ունի։ Վստահ ենք, որ այս խոր գիտակցութենէն առաջնորդուած, Ձեր կողքին ունենալով պետական մարմինները ու հայոց արի բանակը, վերանորոգ հաւատքով ու վճռակամութեամբ պիտի շարունակէք Ձեր ազգաշէն առաքելութիւնը՝ Ղարաբաղի ժամանակակից պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին»։