Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Դանիացի, հայ, ռուս ու բրիտանացի գիտնականներէ կազմուած խումբը պարզած է, որ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կանայք վերջին 8000 տարուան մէջ ծննդական տեսանկիւնէ (genetically) գրեթէ չեն փոխուած:
Համապատասխան հետազօտութիւնը հրապարակուած է Current Biology ամսագրին մէջ, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը:
«Սա բաւական հետաքրքրական է, քանի որ նոյն ժամանակաշրջանին տարածաշրջանը բազմաթիւ մշակութային փոփոխութիւններու ենթարկուած է: Սակայն ատոնք, կարծես, կապուած չեն ծննդական փոխակերպման հետ, յամենայնդէպս` կանանց պարագային», – կը գրեն յօդուածին համահեղինակներ Աշոտ Մարգարեանն ու Մորթէն Ալենֆերթը Cell Press ամսագրին մէջ:
Գիտնականները վերլուծած են 52 կմախքի Mitochondrial genomeը, որոնցմէ ամենահիները 7800 տարեկան են, ու համեմատած են զանոնք 206 հայաստանցիներու եւ ԼՂՀ բնակիչներու գենոմի հետ:
Նմանատիպ հետազօտութիւն իրականացուած է նաեւ տղամարդոց մօտ, որուն արդիւնքը շուտով յայտնի կ՛ըլլայ։
Հետազօտութիւնը պիտի իրականացուի նաեւ Վրաստանի մէջ եւ Ատրպէյճանի արեւելքը: