Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յունիս 27ին, կառավարութեան առընթեր Քաղաքաշինութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Նարեկ Սարգսեան, 2016ի պետական պիւտճէի կատարողականին մասին քննարկումներուն ընթացքին ելոյթ ունենալով՝ յայտնեց, որ Երեւանի հին փողոցներու կառուցապատման ընթացքին («Հին Երեւան» նախագիծ) Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի տունը պիտի պահպանուի: