Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին տիրող իրավիճակը եւ յատկապէս ատրպէյճանական զինուորական ուժերուն կողմէ հրադադարի խախտումներուն վիճակագրութիւնը ներկայացուած է ԵԱՀԿի պաշտօնատարներուն, Չորեքշաբթի, Յունիս 7ին կատարուած սահմանագօտիի հերթական դիտարկումէն ետք, Տաւուշի մարզի Այգեպար գիւղին մէջ կայացած ճեպազրոյցին ընթացքին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան կողմէ Յունիս 9ին տարածուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչներուն ուշադրութիւնը հրաւիրուած է յատկապէս սահմանամերձ գիւղերու եւ ճամբաներու ուղղութեամբ ատրպէյճանական ուժերուն արձակած կրակոցներուն վրայ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով հայկական կողմէն ներկայացուած տուեալներուն համար՝ ԵԱՀԿի պաշտօնատարները նշած են, որ զանոնք պիտի ներառեն իրենց կողմէ պատրաստուող յաջորդ զեկոյցներուն մէջ:
Հայկական կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Գասփրչիքը եւ անոր օգնականները:
Սահմանային այս դիտարկման ընթացքին, զինադադարի խախտումներ չեն արձանագրուած: