Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Ողջո՜յն Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին։
Ողջո՜յն Արցախի անկախութիւնը կերտած մեր քաջ բանակին։
8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդի խոր հաւատքին, ամուր վճռակամութեան ու արեան գնով իր ազգային իրաւունքը պաշտպանելու գիտակից յանձնառութեան։
8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ որպէս նոր Սարտարապատ՝ Շուշիի ազատագրութեամբ եւ մեր հերոս տղոց խիզախութեամբ նուաճուած։
Անցան 25 տարիներ, սակայն Արցախի անկախութեան վերահաստատման մէջ ճակատագրական դեր ունեցած Շուշիի ազատագրումը իր յաւերժախօս պատգամով միշտ պիտի մնայ կենդանի մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։
Այսօր, 25 տարիներ յետոյ, սոսկ անցեալի դէպք մը չէ որ կը նշենք, այլ Շուշիի ազատագրութենէն եկող պատգամին մեր հաւատարմութիւնն է որ կը վերահաստատենք յայտարարելով՝
թէ Արցախի ժողովուրդը պիտի մնայ ամրօրէն կառչած հաւատքով ու կամքով վերատիրացած իր ինքնորոշման իարաւունքին.
թէ Արցախի արի բանակը պիտի մնայ իր արիւնով ազատագրած իր հայրենի հողին արթուն պահապանն ու հզօր պաշտպանը։
Այսօր արդար ցնծութեան ու հպարտութեան օր է։ Այսօր ծով զոհողութեամբ կերտուած յաղթանակի օր է։ Պատերազմի դաշտին վրայ նուաճուած յաղթանակը կոչուած ենք ամրացնելու, ծաւալելու ու հարստացնելու՝ Արցախի հողին մեր ամուր կապուածութեամբ, Արցախի անկախութենէն ո´չ մէկ զիջում կատարելու մեր յանձնառութեամբ, Արցախի բանակը աւելի հզօրացնելու մեր զօրակցութեամբ, Արցախի տնտեսութիւնը հարստացնելու մեր մասնակցութեամբ։
Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ իրաւունքը չի տրուիր, այլ՝ կ'առնուի. եւ բռնաբարուած իրաւունքը, ի պահանջել հարկին, արեան վկայութեամբ կ'առնուի։ Այս կը վկայէ Արցախի ազատագրումը։
Արցախը պարիսպն է Հայաստանի պաշտպանութեան.
Արցախը ամուր երաշխիքն է հայրենի հողին վրայ հայ ժողովուրդի ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքին.
Արցախը իր հերոսներու արիւնով ներկուած յոյսի ճանապարհ է՝ հայ ժողովուրդը դէպի ամբողջական Հայաստան առաջնորդող։
"Եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ կրնայ մեզի հակառակ ըլլալ" (Հռոմ. 8. 31)։ Արդ, միա´սնաբար, որպէս մէ´կ ազգ, հզօրացնենք, շէնցնենք, ծաղկեցնենք ու պաշտպանենք Արցախը։
Փա՜ռք Արցախի ու յատկապէս Շուշիի ազատագրութեան ճանապարհին վրայ իրենց արիւնը թափած մեր հերոսներուն։
Յարգա՜նք Արցախի ղեկավարութիւնը վարած ու վարող մեր իմաստուն ղեկավարներուն։
Պատի՜ւ Արցախի մեր քաջ ժողովուրդին։
Եւ բի՜ւր օրհնութիւն հայրապետական՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքէն։