Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Այսօր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Թաշքենթի մէջ մասնակցած եւ ելոյթ ունեցած է ԱՊՀ ԱԳ նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը մեկնարկած է նեղ ձեւաչափով, ապա շարունակուած ընդլայնուած կազմով՝ պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամաբ` նիստի օրակարգին մէջ ընդգրկուած եղած են կազմակերպութեան գործունէութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու միջեւ խորհրդատուութիւններու իրականացման, արդի իրողութիւններուն կառոյցի արդիականացման հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարները յայտարարութիւն ընդունած են քրիստոնեաներու, մահմեդականներու եւ այլ դաւանանքներու ներկայացուցիչներու նկատմամբ անհանդուրժողականութեան եւ խտրականութեան անթոյլատրելիութեան մասին:
ԱՊՀ անդամ երկիրներու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները անդրադարձած են իրաւապահ, համացանցային անվտանգութեան, մշակութային, կրթական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան սերտացման հարցերուն:
ԱԳ նախարարներու խորհուրդը որոշած է հաւանութիւն տալ Հայաստանի Գորիս քաղաքը որպէս 2018-ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակելու մասին որոշման նախագիծին:
Նիստին մասնակիցները քննարկած են եւ հաւանութեան արժանացուցած են 16 փաստաթուղթերու նախագիծեր: