Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, 28 Մարտին, պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) արեւելեան ճակատը պաշտպանող զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան դիրքերուն վրայ թշնամիին արձակած կրակոցէն զոհուեցաւ 1997ին ծնած զինուոր Արտակ Էդիկի Ռաֆայէլեանը:
Արտակը, որ Յուլիսին պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայութիւնը, Կոտայքի մարզի Հրազդան քաղաքի բնակիչ էր: Ընտանիքի աւագ որդին հանդիսացող Արտակի կրտսեր եղբայրը այս տարի պիտի զօրակոչուի բանակ:
Զոհուած զինուորի ընտանիքը տնտեսական ծանր վիճակի մէջ կ՛ապրի:
Արտակ իր պատանեկան հասակին զբաղուած է սիրողական բռնցքամարտով: Անոր անունը «Կինես» գիրքին մէջ արձանագրուած է՝ պառկած դիրքէն 11,000 անգամ յենուիլ-ծալուիլ վարժութիւնը կատարելու կարողութեան համար:
Նահատակ զինուորը նաեւ լաւ գնդացրորդ էր. Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ատեն, ան դիպուկ ու նպատակային գործածած է իր գնդացիրը: