Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԱՐՑԱԽԻ ԲԱՆԱԿԸ ԵՏ ՄՂԱԾ Է ԹՇՆԱՄԻԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 5 ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ ՊԱՏՃԱՌԵԼՈՎ ԱՆՈՐ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Շաբաթ, 25 Փետրուարին, Արցախի Պաշտպանութեան բանակը (ՊԲ) ետ մղած է ատրպեճանական ուժերու կողմէ ձեռնարկուած յարձակում մը՝ պատճառելով կորուստներ:

«Ռազմինֆօ»« լրատուական ծառայութիւնը  տեղեկագրելով այս յարձակման մասին կը գրէ.

«Փետրուարի 25ին՝ ժամը 03:00ի եւ 04:00ի սահմաններում, շփման գծի միանգամից երկու՝ հարաւարեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման համապատասխան տեխնիկա եւ յատուկ միջոցներ, ձեռնարկել է յարձակման փորձ:

«ՊԲ առաջաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններում էլ նկատել են ադրբեջանական ստորաբաժանումների առաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով յետ շպրտել ելման դիրքեր: Բանակի առաջապահ ուժերի պատասխան գործողութիւնների արդիւնքում հակառակորդը տուել է զոհեր եւ վիրաւորներ: Մի քանի դիակ գտնւում է չէզոք գօտում:

«Հայկական կողմը զոհեր ու վիրաւորներ չունի:»

Փետրուար 25ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկութիւններ տրամադրած է Արցախի սահմանին տեղի ունեցած մարտերու վերաբերեալ, հաստատելով, որ կորուստներ ունին, որոնցմէ մի քանիին դիակները մնացած են միջդիրքային տարածութեան վրայ:

Ատրպէյճանի բանակի կորուստներէն մէկը գնդապետ, զծրաբաժնի հետախուզութեան պետ Ագշին Աբդուլլաեւն է` Շաքիի շրջանի Քիշ գիւղէն:

Հայաստանի Պաշտպանութեան բանակի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան հրապարակած է ատրպէյճանցիներու յարձակման տեսանիւթը, ուր  կ՛երեւին միջդիրքային տարածքի վրայ մնացած առնուազն 5 ատրպէյճանցի զինուորի դիակը:

 

Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

ԱՆՑՆՈՂ ԳԻՇԵՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒԺԸ ԱՐՁԱԿԱԾ Է ՇՈՒՐՋ 1150 ԿՐԱԿՈՑ. ԿԻՐԱՌԱԾ Է ԱԿԱՆԱՆԵՏԵՐ. ԱՐՑԱԽԻ ՊԲ

Փետրուար 26 լոյս 27-ին Արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծի ողջ երկայնքով՝ հակառակորդը հրադադարը խախտած է աւելի քան 85 անգամ, որուն ընթացքին, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ, արձակած է շուրջ 1150 կրակոց:

Արցախի ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ առաւել շատ խախտումներ արձանագրուած են արեւելեան, հիւսիսարեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններով: Նշուած հատուածներուն վրայ ատրպէյճանական զինուժը 60 եւ 82 միլիմեթրանոց ականանետերէն հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է համապատասխանաբար 9 եւ 27 արկ:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը` անհրաժեշտ պարագային դիմելով նաեւ պատասխան գործողութիւններու: