Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է Ատրպէյճանէն Շահին Միրզոյեւի եւ անոր ընտանիքին՝ Հայաստան փախչելու եւ Հայաստանի իշխանութիւններէն ժամանակաւոր ապաստան խնդրելու մասին:
«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը ներկայացուցած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանի յայտարարութիւնը, ուր կ՛ըսուի. «Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմած է Շահին Միրզոյեւ՝ խնդրելով իրեն տրամադրել ժամանակաւոր ապաստան, քանի որ հանդիսանալով Թալիշական մշակոյթի խորհուրդի անդամ, Թալիշական ազատագրական շարժման մասնակից, «Թոլիշի Սատօ» թերթի թղթակից՝ ստիպուած եղած է փախչիլ Ատրպէյճանէն՝ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ բռնաճնշումներու եւ անոնց իրաւունքներու կոպտագոյն ոտնահարումներու պատճառով, եւ ընտանիքով հասած է Հայաստան: Հայաստանի իշխանութիւնները դրական արձագանգած են Շահին Միրզոյեւի խնդրանքին»: