Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Գիտական աշխատութեան արդիւնք հանդիսացող պատմական Հայաստանի եզակի ատլասը պատրաստ պիտի ըլլայ գարնան: «Արմենփրես»–ի հետ զրոյցի ընթացքին քարտէզագիր, «Կիլիկիա» առագաստանաւի անդամբ, Լոնտոնի արքայական աշխարհագրական ընկերութեան իսկական անդամ Գրիգոր Բեգլարեան նշած է, որ ատլասի առաջին հատորը ամբողջութեամբ նուիրուած է Արեւմտեան Հայաստանին: «Անիկա Հայաստանը վերականգնող քարտէզ է: Ես այս ատլասի վրայ աշխատած եմ գրեթէ վեց տարի»,- ըսած է¬ քարտէսագիրը, աւելցնելով, որ աշխատանքը շարունակական պիտի ըլլայ:
Գրիգոր Բեգլարեանի խօսքով` ատլասի հրատարակման հետ կապուած շնորհանդէս պիտի կազմակերպուի: Անիկա վաճառքի պիտի հանուի բոլոր գրախանութներուն մէջ: «Ամէն տարի մենք կը վերահրատարակենք Հայաստանի պատի քարտէզը` բնականաբար Արցախով, եւ Երեւանը: Իմ ծրագիրներուս մէջ կայ հրատարակել եւրոպական բոլոր երկիրներու հայատառ քարտէսները, սակայն ատոր համար հարկաւոր են տասնեակ տարիներ»,¬- աւելցուցած է քարտէսագիրը:
Պատմական Հայաստանի ատլասին մէջ տեղ գտած է աւելի քան 63 հազար բնակավայրի անուանում: Անիկա կը ներառէ բոլոր այն շրջանները, ուր քանի մը հազարամեակ շարունակ գոյութիւն ունեցած են հայկական պետական միաւորումներ: