Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Սփիւռքահայ գործարարները հետաքրքուած են Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու ծրագիրներով: «Artsakh Roots Investments» (ARI) ներդրումային կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու աշխատանքով, կ՛ընդլայնէ իր ջանքերը: «Արմենփրես»¬-ի հետ զրոյցին «Artsakh Roots Investments» (ARI) կազմակերպութեան տնօրէն խորհուրդի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը նշած է, որ Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներով հետաքրքրուողներուն թիւը կ՛աւելնայ:
«Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան հետ համագործակցութեամբ Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ կը տրամադրուին մատչելի տոկոսադրոյքներով գիւղատնտեսական վարկեր` անասնապահութեան եւ հողագործութեան զարգացման նպաստելու նպատակով: Այս ծրագրին ներդրումներ կատարողները մարդիկ են սփիւռքի տարբեր համայնքներէ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, Քուէյթէն, Լիբանանէն, եւրոպական երկիրներէ: Այժմ հետաքրքրութիւն կայ Աւստրալիայէն, ԱՄՆ-էն»,¬ – ըսած է Բենիամին Պչաքճեան: Ան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային կը պատրաստուին այցելելու տարբեր հայկական համայնքներ եւ ներկայացնելու Արցախի ներդրումային ծրագիրները: Կ՛ակնկալուի, որ Արցախ պետութիւնը զարգացնելու ներդրումային ծրագիրին միանան նոր գործարարներ:
2010¬-2016 թուականներուն կազմակերպութեան տրամադրած մատչելի պայմաններով վարկային միջոցներէն օգտուած է աւելի քան հազար ընտանիք: Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ 2016 թուականի առաջին կիսուն ապրիլեան պատերազմին պատճառովով գործընթացը որոշ չափով դանդաղեցաւ, սակայն տարուան երկրորդ կիսուն արդէն որոշ աշխուժութիւն նկատուեցաւ: 2010-¬2016 թուականներուն Արցախը Նոր Շահումեանի եւ Քաշաթաղի շրջաններուն մէջ շուրջ 3.5 միլիոն տոլարի ներդրումներ իրականացուցած է գիւղատնտեսութեան զարգացման համար: «Մենք Արցախի մէջ ունենք մեր ներկայացուցիչը, որ հետեւողական վերահսկողութիւն կ՛իրականացնէ:
«Գոհունակութիւն կայ, որ այդ վարկերը իրենց նպատակին կը ծառայեն: Ընթացիկ տարուան Մարտին կը նախատեսենք Լիբանանի մէջ կազմակերպել ընդհանուր ժողով, որպէսզի հաշուետուութիւն ներկայացնենք մեր գործունէութեան մասին: Արցախի վարչապետին նոյնպէս պիտի հրաւիրենք»,¬ – ըսած է Բենիամին Պչաքճեան:
Այն հարցումին, թէ արդեօք պիտի սահմանափակուի՞ն միայն գիւղատնտեսութեան ոլորտով, Բենիամին Պչաքճեան նշած է, որ կը ծրագրեն Արցախի մէջ փոքր արտադրամասեր ստեղծել, վարկաւորել այդ գործընթացը, բայց ծրագրի համար լուրջ ուսումնասիրութեան կարիք կայ, որ պէտք է պետութիւնը ընէ: Կազմակերպութիւնը չի սահմանափակուիր ներդրումային գործարար ծրագիրներով: Ան կ՛իրականացնէ նաեւ բնակարանաշինութեան ծրագիր: 2016 թուականին բնակարանաշինութեան ծրագիրով 25 տուն արդէն տրամադրուած է շահառուներուն:
Մնացած 25-¬ը արդէն պատրաստ է, շինարարական աշխատանքները աւարտած են, այս տարի անոնք պիտի յանձուին իրենց տէրերուն: Բնակարանները կը տրուին այն անձերուն, որոնք կ՛ապրին Արցախի մէջ, եւ իրենց տուները կորսնցուցած են, մարդոց, որոնք պիտի վերաբնակեցուին, ինչպէս նաեւ զինուորականներու: Ծրագիրը կ՛իրականացուի բացառապէս կազմակերպութեան միջոցներով, ի հարկէ, իր ներդրումը ունեցած է Արցախի կառավարութիւնը ենթակառուցուածքներու ստեղծման առումով: Բնակարանաշինութեան ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: