Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան խօսած է Հայաստանի մէջ հայկական սփիւռքի մասնակցութեան մասին: Միջպետական «Միր 24» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ մասնակցութիւն ունի հայկական սփիւռքը Հայաստանի կեանքին մէջ, վարչապետը ընդգծած է, որ հայ ազգին մեծամասնութիւնը օրինապաշտ եւ հայրենասէր է:
«Միեւնոյն ժամանակ, անոնք մեծ պատասխանատուութիւն եւ հետաքրքրութեան զգացում կը դրսեւորեն իրենց պատմական հայրենիքին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Մենք պէտք է հասկնանք, որ հայկական սփիւռքը եւ Հայաստանի քաղաքացիները մէկ միասնութիւն են: Մէկ ազգ է` անկախ անկէ, թէ այս պահուն անոնք ո՛ւր կ՛ապրին», հաստատած է վարչապետ Կարապետեան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի համար ամէնէն կարեւորը մարդկային ներուժն է: «Մենք կը կարծենք, որ ատիկա ամէնէն հզօր դրամագլուխն է: Մեր սփիւռքի ներուժն ալ այս առումով մեր խաղաքարտն է: Հայկական սփիւռքը կրնայ մասնակցութիւն ունենալ ամէն ինչի մէջ», նշած է վարչապետը: Ան աւելցուցած է, որ երբ սուրիական պատերազմին իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ սուրիահայեր տեղափոխուեցան Հայաստան, երկրին մէջ էական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ ծառայութիւններու մարզը եւ գործարար միջավայրը: «Անոնք իրենց հետ բերած են կառավարման յատուկ մշակոյթը, իրենց ուղեղն ու մտաւոր ներուժը», եզրափակած է Կարապետեան: