Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

Հայաստանի տօնացոյցով Յունուար 28-ը կը նշուի իբրեւ Հայոց բանակի տօն: Այս տարին յոբելինական է եւ մենք ազգովի պիտի նշենք բանակի կազմաւորման 25-ամեակը: Այս 25 տարիներուն ընթացքին մենք կրցանք ստեղծել հզօր, կուռ եւ մարտունակ բանակ, որ, անկասկած, համայն հայութեան հպարտութիւնն է, մեր յաղթանակներու եւ վերածնունդի մարմնաւորումը, մեր անվտանգութեան եւ անկախութեան երաշխաւորը, մեր յաջողութիւններու անառարկելի գրաւականը:  Հայ զինուորն ու սպան, իրենց անմնացորդ նուիրումով, անձնուրաց գործողութիւններով ու սխրագործութիւններով, բարձր պատրաստուածութեամբ ու պատասխանատւութեամբ, անցած հերոսական ճանապարհով դարձած են մեր խաղաղ ու ապահով կեանքի առհաւատչեան, մեր ուժն ու յենարանը:

Այս հրաշալի յոբելեանին առիթով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պիտի իրականացուին բազմաթիւ ձեռնարկներ: Վստահ եմ, որ արտերկրի մէջ ապրող մեր հայրենակիցները, նոյնպէս, անմասն չեն մնար այս իրադարձութիւնը մեծ շուքով նշելու պատրաստակամութենէն:

Դիմելով ձեզի` կը խնդրեմ եւ կը յորդորեմ կազմակերպել հայոց բանակին ու հայ զինուորին նուիրուած համայնքային ձեռնարկներ եւ հաւաքներ` ներգրաւելով յատկապէս երիտասարդական կազմակերպութիւններն ու միութիւնները: Համոզուած եմ, որ նման քայլ մը մեծապէս պիտի գօտեպնդէ եւ ա՛լ աւելի ոգեշնչէ հայոց սահմանները անառիկ պահող մեր զինուորներն ու սպաները, պիտի նպաստէ հայ ինքնութեան ամրապնդման Սփիւռքի մէջ:

Կը տեղեկացնեմ նաեւ, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի, նոյնպէս, Փետրուար 21-ին թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ պիտի նշուի Մայրենիի օրը, որ ե՛ւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ե՛ւ հայոց պետութեան կողմէն սահմանուած տօն է: Չեմ կասկածիր, որ համայնքի կրթօճախներուն մէջ, այդ առիթով պիտի կազմակերպուին «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթ, իսկ ձեր կողմէն ներկայացուած լաւագոյն աշխատանքները պիտի խրախուսուին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէն (ելեկտրոնային հասցէ` Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։): Հայոց լեզուին նուիրուած ձեռնարկները, առնուած քայլերը, ուսուցիչներու մեծարման երեկոները կրնան մեծապէս օգնել հայապահպանութեան անչափ կարեւոր գործին:

Յարգանքով`

ՀՐԱՆՈՅՇ  ՅԱԿՈԲԵԱՆ