Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Այս տարուան Յունիսին նախատեսուած է իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, Յունուար 13-ին կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան:
Անոր խօսքով` «Դուն ի՞նչ կ՝ընես Ղարաբաղի համար» շարժման ծիրէն ներս՝ Գերմանիոյ Պատէն-Վիւրթեմպերկ քաղաքի հայ համայնքը` հոգեւոր առաջնորդ Տիրատուր Սարդարեանի գլխաւորութեամբ՝ 25 թոն մարդասիրական բեռ հաւաքած է` մթերք, հագուստ, գրասենեակային ապրանքներ, որոնք այսօր պիտի հասցուին Լեռնային Ղարաբաղ:
«Շարժման տարածումը մեզի հիմք տուած է 2017-ը Ղարաբաղի տարի յայտարարելու: Ընթացիկ տարուան Յունիսին մենք կը նախատեսենք իրականացնել «Քեզ համար, Ղարաբաղ» մեծ փառատօն մը, որուն ծիրէն ներս ելոյթ պիտի ունենան Սփիւռքէն եկած խումբեր»,- նշած է Սրապիոնեան: