Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Յունուար 6-ին Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանի ու մասնակցութեամբ Ախալքալաքի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւներ արժանապատիւ Տէր Եղիշէ աւագ քահանայ Յարութիւնեանի ու արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, մատուցուեցաւ Սուրբ Ծննդեան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ:
Յընթացս Սուրբ Պատարագի՝ հոգեշնորհ Հայր Սուրբը ընթերցեց Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը` Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, այնուհետեւ յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ եւ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն աւետեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսը:
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ ջրօրհնեաց կարգ, որմէ յետոյ օրհնուած ջուրը բաժնուեցաւ հաւատաւոր ժողովուրդին:
Ջրօրհնեաց կարգ կատարուած է նաեւ Ջաւախքի բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ:
Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան