Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org

Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցած զօրահանդէսէն ետք, Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական Յանձնաժողովի նիստին սկիզբը, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեան խօսք առնելով գնահատեց Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բերած նպաստը Հայաստանի ու Ղարաբաղի հզօրացման եւ հայ հոգեւոր մշակութային ու ազգային արժէքներու պահպանման եւ տարածման կարեւոր գործին։

Նախագահ Սարգսեան Վեհափառ Հայրապետը պարգեւատրեց Հայաստանի Հանրապետութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ Բակօ Սահակեանը «Տիգրան Մեծ» շքանշաններով։