Աղբիւր՝ www.asbarez.com

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 21 Յուլիսին ընդունած է պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող քոնկրեսական Ճիմ Քոսթան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հայ-ամերիկեան փոխգործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր։

Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է հայ–ամերիկեան բարեկամական գործընկերութիւնը, զայն զարգացնելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող միացեալ ջանքերը: Այդ առումով ան կարեւոր նկատած է երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ հաստատուած աշխոյժ համագործակցութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ճիմ Քոսթային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ ի գործ դրած ջանքերուն համար:

Քոնկրեսականը իր կարգին նշած է, որ տարիներէ ի վեր ամերիկեան քոնկրեսին մէջ հետապնդելով Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար կարեւորութիւն ունեցող հարցերը, ուրախ է Հայաստան այցելելուն եւ առաջին աղբիւրէն տեղեկատուութիւն ստանալուն եւ տարածաշրջանային խնդիրներուն ու անոնց լուծման ուղիներուն առնչութեամբ միտքերու փոխանակման կարելիութեան համար:

Նախարար Նալբանդեան եւ քոնկրեսական Քոսթա միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներուն շուրջ: Էդուարդ Նալբանդեան Ճիմ Քոսթային ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման, Ապրիլին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը:

Քոնկրեսականը նշած է, թէ Միացեալ Նահանգներ՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիր, պիտի շարունակէ ջանքերը՝ հիմնահարցի բացառապէս բանակցային ուղիով լուծման վերաբերեալ: