Աղբիւր՝ www.yeakouyn.com

 

Արցախի մէջ զբօսաշրջային աշխուժութիւնը կը վերականգնի:

Ստեփանակերտի մէջ, ինչպէս մինչեւ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմը, ներկայիս եւս կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Արցախի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեանը: Անոր խօսքով, զբօսաշրջիկները թէ ազգութեամբ հայեր են, թէ օտարներ: «Ուրախալի է այն փաստը, որ նկատւում է զբօսաշրջիկների ակտիւութիւն: Կամաց-կամաց վերականգնւում է նախկին վիճակը: Զբօսաշրջիկները տեսարժան վայրեր են այցելում, իրենց աչքով են տեսնում ամէն ինչ»,-ըսած է Սերկէյ Շահվերդեանը:

Տեսարժան վայրերէն բացի, զբօսաշրջիկներուն մօտ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Արցախի խոհանոցը: Սերկէյ Շահվերդեանը նշած է, որ կը շարունակէ Արցախի յատուկ ճաշատեսակ մնալ «Ժենգեալով հաց»-ը, որ իր մէջ կը պարունակէ բազմաթիւ կանաչիներու տեսակներ:

«Արցախի հողն ու ջուրն այնպիսին է, որ կանաչեղէնը իւրայատուկ համ ունի, հետեւաբար իւրայատուկ է ստացւում նաեւ Ժենգեալով հացը, ինչը զբօսաշրջիկները շատ են սիրում: Դէ պատկերն ամբողջանում է, երբ այդ ամէնը համեմւում է հանրայայտ օղիով եւ գինով»,-ժպտալով կը պատմէ Տնտեսութեան նախարարի տեղակալը, բայց եւ կ՛ընդգծէ, որ, այդ ամէնէն բացի, զբօսաշրջիկները աւելի շատ մէկ հանգամանք բարձր կը գնահատեն: Ամենամեծ արժէքը արցախցիին մարդկային որակներն են` ջերմ վերաբերմունքը, հոգատարութիւնը, հիւրասիրութիւնը:

 

Ի հարկէ, Արցախի կառավարութիւնը կը գիտակցի, որ քառօրեայ պատերազմը չի կրնար ազդեցութիւն չձգել զբօսաշրջութեան ծաւալներուն վրայ: Հետեւաբար, այժմ Տնտեսութեան նախարարութիւնը կը պատրաստուի նոր ծրագիրներու, նոր գաղափարներ կեանքի կոչելու` պատերազմի բացասական հետեւանքը չէզոքացնելու, զբօսաշրջութեան նոր թափ հաղորդելու համար:

«Հասկանում ենք, որ ամէն իրավիճակ համարժէք մօտեցումների կարիք ունի: Քառօրեայ պատերազմը մեր հայրենակիցների մօտ հետաքրքիր զգացողութիւններ է արթանցրել, շատ շատերը ցանկութիւն են յայտնում անպայման լինել Արցախում: Հետեւաբար, այդ ցանկութիւնը, հետաքրքրութիւնը պէտք է առարակայանցնել: Եւ մենք այժմ աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ»,-ըսած է Սերկէյ Շահվերդեանը:

Ան կարեւոր համարած է «#Եկարցախ» նախաձեռնութիւնը, որ նոյնպէս իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ զբօսաշրջութեան աշխուժութեան գործին: Սերկէյ Շահվերդեանը նշած է, որ սկզբնական փուլին տարբեր ոլորտներու մէջ յայտնի մարդոց հետ աշխատանք կը տարուի, որ անոնք գան Արցախ, ցոյց տան, որ այնտեղ անվտանգ է:

«Լաւ օրինակ էր բռնցքամարտիկ Վիկ Դարչինեանի Արցախում լինելը ու նրա` Արցախ այցելելու կոչը: Մարդիկ շարունակում են ապրել, արարել, ստեղծել, ու այստեղ կան արժէքներ, որոնք իսկապէս արժէ տեսնել: Ի դէպ, շատերը ցանկութիւն են յայտնել գալ եւ քառօրեայ պատերազմի հետեւանքները տեսնել»,- աւելցուցած է Սերկէյ Շահվերդեանը` ընդգծելով, որ բոլոր այն մադրիկ, որոնք ծրագրած էին գալ Ղարաբաղ, կրնան հանգիստ այցելել, այստեղ լիովին անվտանգ է:

ԼՂՀ վարչապետի մամուլի քարտուղար Արտակ Բեգլարեանը համացանցի մէջ նախաձեռնած է «#Եկարցախ» ֆլեշմոբը: Մասնակիցները պէտք է ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակեն լուսանկար մը եւ տեսանիւթ Արցախի որեւէ տեսարժան վայրի կամ որեւէ խորհրդանիշի հետ եւ կոչ ընեն իրենց ընկերներուն իրենց արձակուրդին մէկ մասն անցնեն Արցախի մէջ: «Այս ֆլեշմոբով եւ Արցախում արձակուրդ անցկացնելով` ողջ հայութիւնն իր բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կցուցաբերի արցախին, յատկապէս ատրպէյճանական ագրեսիայից յետոյ»,- գրած է Արտակ Բեգլարեանը Facebook իր էջին վրայ: