Աղբիւր՝ www.aztagdaily.com
«Արցախփրէսե կը հաղորդէ, թէ 24 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղ այցելած են Ֆրանսայի խորհրդարանի անդամ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Ռոշպլուանն ու Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խորհրդարանական խումբի նախագահ Ռընէ Ռուքէն, որոնք հանդիպումներ ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ:
Նախագահ Սահակեանի հետ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Արցախի եւ Ֆրանսայի խորհրդարաններու, հասարակական ու քաղաքական շրջանակներու միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ շրջանային գործընթացներուն:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հիւրերուն` երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ տարուող մեծ եւ սկզբունքային գործունէութեան համար` զայն որակելով անկեղծ բարեկամութեան եւ մարդասիրութեան օրինակելի դրսեւորում:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Վահրամ Բալայեանը, պաշտօնատար այլ անձեր:
Անկէ ետք ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարները Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցած են օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու, գիտակրթական հաստատութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ, «Ղարաբաղ-Ֆրանսաե բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան` ողջունելով հիւրերը, բարձր գնահատած է «Ֆրանսա-Ղարաբաղե բարեկամութեան ծիրին մէջ տարուող գործունէութիւնը` Արցախի մասին իրականութիւնը միջազգային հանրութեան ներկայացնելու առումով: Ա. Ղուլեան ողջունած է բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար կազմին կողմէ տրուած որոշումը` Արցախ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ ունենալու ազրպէյճանական յարձակման իբրեւ հետեւանք ստեղծուած կացութեան մասին:
Ան հաստատած է, որ անկախ նետուած մարտահրաւէրներու ձեւէն եւ բովանդակութենէն, Արցախ կը շարունակէ պայքարը` յանուն ժողովրդավարական արժէքներու եւ ազատութեան, եւ այդ պայքարին մէջ կարեւոր նկատած է նոյն արժեհամակարգը կրող ժողովուրդներու, նաեւ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը:
Ֆրանսուա Ռոշպլուան ըսած է. «Ես ղարաբաղցի եմ: Այսօր մենք աւելի քան երբեւէ համերաշխ ենք Արցախին հետ, եւ մեզ լռեցնելու Ազրպէյճանի բոլոր փորձերը ապարդիւն պիտի մնան: Եթէ ես նախապէս կ՛ըսէի, որ Ազրպէյճան ունի ահաբեկչական պետութեան կեցուածք, ապա ապրիլեան դէպքերէն ետք հաստատ կերպով կը յայտարարեմ` Ազրպէյճան ահաբեկչական պետութիւն է: Ազրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք նպատակ ունին լուծարելու Ֆրանսայի եւ Արցախի շարք մը քաղաքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամական համաձայնագիրները, մեզ կը մղեն աւելի համախմբուած ըլլալու: Արցախցիները կրնան նկատի ունենալ, որ մենք լիովին կ՛աջակցինք ու կը զօրակցինք իրենցե:
Ան մտահոգութիւն յայտնած է ազրպէյճանական յարձակումներուն իբրեւ հետեւանք Արցախի մէջ զոհուած զինուորներուն եւ քաղաքացիներուն ճակատագիրին գծով` նկատել տալով, որ անոնք զոհուած են անընդունելի պայմաններու մէջ:
«Ոգեւորիչ է, որ հակառակ այս բոլորին, բազմաթիւ արցախցիներ ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու առաջին իսկ օրերէն կամաւորագրուեցան հայրենիքի եւ ազատութեան պաշտպանութեան ի խնդիր: Մենք այցելեցինք սահմանամերձ Թալիշ եւ Մատաղիս, ուր հանդիպեցանք զինուորականներու, որոնք վստահօրէն ու հանգիստ կերպով իրենց գործը կը կատարեն: Այդ ոգեւորութիւնն ու մեր տեսածը մենք կը փոխանցենք մեր միւս խորհրդարանականներուն, կառավարութեան ու Եւրոպական հարցերու քարտուղարինե, նշած է Ֆրանսուա Ռոշպլուան` ողջունելով Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` խաղաղ ուղիով հարցը լուծելու ուղղութեամբ:
Ֆրանսացի երեսփոխանը յոյս յայտնած է, որ յունիսին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու նախատեսուող հանդիպումին ընթացքին իսկական արդիւնքներ արձանագրուին:
Ռընէ Ռուքէն ըսած է, որ իրենք մօտէն կը հետեւին Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն եւ միշտ անոր կողքին պիտի ըլլան: «Ամէն ինչ պիտի ընենք` իրականութիւնը տեղ հասցնելու համարե, ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրենց քարոզչական աշխատանքէն ետք եւրոպացի գործընկերներէն շատեր արդէն շատ բան գիտեն Արցախի մասին:
«Այդ ջանքերուն շնորհիւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին քննարկման չեն դրուած այն բանաձեւերը, զորս Ազրպէյճան ներկայացուցած է ապրիլեան յարձակման օրերուն, երբ կը ռմբակոծուէին Արցախի բնակելի շրջաններըե, յայտնած է Ռընէ Ռուքէն` աւելցնելով, որ արդէն նկատելի է ազրպէյճանական կողմէ յարձակողական կեցուածքը, որ պիտի ուղղուի ինքնին Ազրպէյճանի դէմ: