Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին իրավիճակը հանգիստ է, կրակոցներուն թիւը շատ քիչ է:

Այս մասին Մայիս 23-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ Մայիս 22-ին եղած է Արցախ: Նախարարը հաւաստիացուցած է` Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը վերահսկեն իրավիճակը եւ կը պահպանեն հրադադարը: «Մեր համագործակցութեան եւ փոխօգնութեան շրջանակներում ես Պաշտպանութեան բանակի առաջնագծում էի, անձնակազմի տրամադրութիւնը բարձր է, ստորաբաժանումները պատրաստ են կատարել իրենց մարտական խնդիրները»,- վստահեցուցած է նախարարը:

Մայիս 22-ի լոյս 23-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ եւս իրադրութիւնը շարունակած է մնալ հանգիստ: Հակառակորդը կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը խախտած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ:

Հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը չէ փոխուած: Ատրպէյճանական կողմը շարունակած է տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ անկանոն կրակոցներ արձակել սահմանագօտիի հիւսիսարեւելեան հատուածի ուղղութեամբ: