Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը համեմատութիւններ կʼընէ 25 տարի առաջ տեղի ունեցած եւ այսօր կատարուող դէպքերուն միջեւ:

Նախարարութիւնը կը յիշեցուցէ, որ 25 տարի առաջ` 1991-ի Ապրիլ 30-ին Գետաշէն եւ Մարտունաշէն գիւղերու զանգուածային գնդակոծմամբ սկսած է «Օղակ» գործողութիւնը, որ դարձած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ Ատրպէյճանի յետագայ լայնածաւալ ռազմական յարձակման նախերգանքը: Գործողութեան ընթացքին հայկական գիւղերը նախ կը շրջապատուէին ԽՍՀՄ ՆԳՆ ներքին զօրքերու եւ խորհրդային բանակի ստորաբաժանումներուն կողմէ: Այնուհետեւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆ-ն ու ոստիկանութիւնը կը մտնէին նշուած գիւղերը` իբրեւ թէ «անձնագրային ռեժիմի ստուգման», իսկ իրականութեան մէջ` հայ բնակչութեան սպանութեան, կողոպուտի, ահաբեկութեան եւ ատոնց յաջորդող տեղահանութեան նպատակով:

««Օղակ» գործողութիւնը շարունակութիւն դարձած է 1988-1991 թուականներու Սումկայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Ատրպէյճանի այլ բնակավայրերու մէջ, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Արցախի գիւղերուն մէջ իրագործուած էթնիկ զտումներուն, որոնք նպատակ կը հետապնդէին սաղմի մէջ խեղդել արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը եւ հայրենազրկել զանոնք: Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը չէր թաքցներ, որ «Օղակ» գործողութիւնը կը դիտարկէ որպէս ամբողջ Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափման սկիզբ: Հրասայլերու, ռազմական ուղղաթիռներու եւ հրետանիի կիրառմամբ իրականացուած գործողութեան արդիւնքով ամբողջովին ամայացան ու աւերուեցան Հիւսիսային Արցախի, ինչպէս նաեւ Շահումեանի, Հատրութի եւ Շուշիի շրջաններու աւելի քան երկու տասնեակ գիւղեր, տեղահանուեցաւ գրեթէ 10 հազար մարդ, աւելի քան 100-ը սպաննուեցաւ, քանի մը հարիւր մարդ պատանդ ինկաւ. անոնցմէ շատերուն ճակատագիրը առ այսօր յայտնի չէ»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

25 տարի անց` 2016-ի Ապրիլ 2-ին, ըստ ԱԳՆ յայտարարութեան, ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը հերթական յարձակումը սանձնազերծած է ԼՂՀ-ի դէմ, որ, ինչպէս եւ 1991 թուականը, կʼուղեկցուէր միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոններու բազմաթիւ խախտումներով ու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ բնակիչներու ու զինծառայողներու հանդէպ իրագործուած ռազմական յանցագործութիւններով, որոնց շարքին` խաղաղ բնակավայրերու թիրախաւորուած հրետակոծութիւններով, քաղաքացիական անձերու սպանութիւններով, ինչպէս նաեւ սպաննուածներու մարմիններու անարգումով ու խոշտանգումներով:

«Սակայն ինչպէս 1991-ին, այնպէս ալ հիմա Արցախի ժողովուրդին ահաբեկելու եւ կոտրելու, անոր ազատութեան ձգտումը խեղդելու եւ, վերջնական արդիւնքով, անոր հայրենազրկելու` ատրպէյճանական իշխանութիւններու բոլոր փորձերն աւարտած են լիակատար տապալմամբ:

«Ատրպէյճանի յանցաւոր վարքագիծը միայն կʼամրապնդէ արցախցիներուն վճռականութիւնը` կերտելու ու ամրապնդելու սեփական անկախ եւ ազատ պետութիւնը` որպէս իրենց անվտանգութեան ու խաղաղ գոյութեան գրաւական: Միջազգային հանրութեան կողմէ նշուած փաստի ըմբռնումը եւ որպէս ատոր հետեւանք` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը թոյլ պիտի տան վերջ դնելու Ատրպէյճանի շարունակական փորձերուն` ոչնչացնել Արցախը ու անոր ժողովուրդը, եւ պիտի ապահովեն ամբողջ տարածաշրջանի խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ: