Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու ուղղութեամբ. Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Փիեռ Անտրէ:
«Մենք հանդիպած ենք երկու երկիրներու նախագահներուն հետ եւ այժմ կը փորձենք նախագահներուն միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել: Հրադադարը պէտք չէ խախտուի, եւ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ վերսկսիլ բանակցային գործընթացին», ըսած է ֆրանսացի համանախագահը:
Անտրէ նաեւ նշած է, որ համանախագահները առայժմս տարածաշրջան այցելելու յստակ ծրագիրներ չունին: