Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Ապրիլ 15-ի լոյս 16-ի գիշերը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյնը:

ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` հակառակորդը առաջնագիծի ողջ երկայնքով աւելի քան 70 անգամ խախտած է  կրակի դադրեցման շուրջ ձեռքբերուած բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը` հիմնականօրէն կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ:

Կրակի դադրեցման շուրջ ձեռքբերուած բանաւոր պայմանաւորուածութեան խախտման արդիւնքով` շփման գիծի հիւսիսային (Թալիշ) ուղղութեամբ ժամը 02:15-ի սահմաններուն մէջ տեղի ունեցած է միջադէպ, որուն հետեւանքով հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն ձախ բազուկի շրջանին հրազէնային գնդակային միջանցիկ վէրք ստացած է զինծառայող Գագիկ Վեաչեսլաւի Խուրշուդեանը:

Ատրպէյճանական զինուժի նախայարձակ գործողութիւններուն ի պատասխան` ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները դիմած են կանխարգելիչ քայլերու եւ ճնշած հակառակորդին յարձակումը:

Ղարաբաղեան ուժերը կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ ապահովել սահմանային բնագիծի յուսալի պաշտպանութիւնը: