Աղբիւր՝ www.asbarez.com

 

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՑԱՐԴ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ Է 5.5 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Ապրիլ 14ի երեկոյեան, աւարտելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն երկօրեայ իրենց այցը, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. կաթողիկոսները վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:

Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւ արարողութիւններուն ժամանակ, կաթողիկոսները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու պաշտպանութեան բանակին՝ աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս Արցախին փոխանցեց Ս. Էջմիածինի եւ թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլարի գումարը: Նոյնքան գումար փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոս, նոյն նպատակին համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ թեմերուն կողմէ:

Կաթողիկոսներուն կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները կը շարունակուին թեմերուն մէջ:

Նշենք, որ Ապրիլ 15ին հաղորդուեցաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ կատարուած դրամահաւաքին իբրեւ արդիւնք, արդէն իսկ հաւաքուած է մօտաւորապէս 4.5 միլիոն տոլար։