Աղբիւր՝ www.armenianorthodoxchurch.org
Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ը պատմական օր եղաւ Արցախի մեր ժողովուրդին համար՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեամբ։
Երկու Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի ժամով 12:00-ին, ուղղաթիռով ժամանեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ուր դիմաւորուեցան Ղարաբաղի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին, հոգեւորականաց դասուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն կողմէ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետները դիմաւորուեցան, եւ հանդիպում ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին կողմէ։ Հանդիպման ընթացքին նախագահը Վեհափառ Հայրապետներուն մանրամասնօրէն զեկուցեց վերջին օրերուն Ղարաբաղի տարածքին տեղի ունեցած զարգացումներուն շուրջ։
Արցախի մեր ժողովուրդին այս ճգնաժամային օրերուն, երկու Վեհափառ Հայրապետներուն Ղարաբաղ այցելութիւնը նպատակ ունի զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, հայոց արի բանակին ու Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին։