Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com
Արցախի Մատաղիս գիւղը ատրպէյճանական զինուժին կողմէ ռմբակոծութեան ենթարկուելէ ետք աստիճանաբար կը վերականգնուի, տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած են գիւղ:
Արցախի մէջ գտնուող «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը այցելած է Մատաղիս գիւղ, հետեւած ընթացող վերականգնողական աշխատանքներուն եւ զրուցած է բնակիչներու հետ:
Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցի տնօրէն, այժմ գիւղապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գեղամ Աղաջանեան, «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ տարհանուած բնակչութեան մէկ մասը արդէն վերադարձած է գիւղ: «Նոյնիսկ կանայք են սկսել վերադառնալ: Այս պահին արդէն 7-8 կին վերադարձել է: Մարդիկ կամաց-կամաց վերադառնում են: Մտավախութիւն, ի հարկէ, ունենք, որ հակառակորդը նորից կը սկսի ռմբակոծել գիւղը, բայց մեր հողն ու ջուրն է, մենք պէտք է այստեղ լինենք»,- նշած է ան:
Գեղամ Աղաջանեան, որ ժամանակաւորապէս ստանձնած է նաեւ գիւղապետի պարտականութիւնները, քանի որ մատաղիսի գիւղապետը հակառակորդին կողմէ գնդակոծութեան հետեւանքով վիրաւորուած է եւ կը բուժուի Ստեփանակերտի մէջ, պատմած է, որ ռմբակոծութենէն ետք գիւղը ելեկտրանականութիւն չունէր, սակայն արդէն երեք օրէ ելեկտրականութիւնը վերականգնուած է:
Հակառակորդին կողմից գնդակոծութեան հետեւանքով վնասուած է նաեւ դպրոցի շէնքը: Գեղամ Աղաջանեան նկատած է, որ այս պահուն դպրոցի շէնքին վերականգման աշխատանքները սկսած են` վստահեցնելով, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ այդ աշխատանքները պիտի աւարտին: «Աշխատանքն արդէն սկսել ենք: Լաւ սկիզբը գործի կէսն է: Ամենաշատը երեք օրուայ ընթացքում այս աշխատանքները կ’աւարտենք ու պատրաստ կը լինենք դասերը սկսելուն»,- ըսած է Գեղամ Աղաջանեան:
Մատաղիսի մէջ այս պահուն 45 մարդ կը բնակուի: Գիւղի ընդհանուր բնակչութեան թիւը` ժամանակաւոր բնակչութեան հետ միասին 600 է:
Մատաղիսի բնակիչ Շահէն Սահինեանն ալ նշած է, որ ինքըերբեք գիւղը չէ լքած ու չի ալ պատրաստուիր լքելու: «Ես մասնակցել եմ արցախեան ազատամարտին, միշտ եղել եմ Արցախում: Այս ծանր օրերին չեմ լքել հարազատ գիւղս ու չեմ էլ լքելու: Սա մեր հողն ու ջուրն է, այստեղից գնալու տեղ չունենք, հակառակորդին էլ թոյլ չենք տալու մէկ մետր անգամ առաջ գալ»,- ըսած է Շահէն Սահինեան: