Աղբիւր՝ www.asbarez.com
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, որ նոր վերադարձած է Լեռնային Ղարաբաղէն, «Երկիր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ներկայացուցած է Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը եւ անդրադարձած ՀՅԴ պատուիրակութեան ու Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հանդիպումին։ Ան դիտել տուած է, որ նախագահ Սահակեանի հետ զրուցած են սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին եւ վերջին շաբթուան ընթացքին արձանագրուած իրադարձութիւններուն մասին:
«Պարզ է, որ Ադրբեջանն ամբողջ ուժերով համընդհանուր յարձակում է գործել, եւ յստակ է՝ նա չի կարողացել իր առջեւ դրուած ծրագիրն իրականացնել, ձախողել է: Մենք ոչ մի տարածք չենք կորցրել: Այդ առումով՝ մերը յաղթանակ է: Սա պէտք է արձանագրուի որպէս յաղթանակ: Ի հարկէ, յաղթանակը չի նշանակում վերջակէտ, մի հանգրուանի վերջ: Պատերազմը կարող է եւ շարունակուել, մենք դրան պէտք է պատրաստ լինենք», ըսած է Մարգարեան:
Անոր համաձայն՝ Արցախի ժողովուրդը բարձր տրամադրութեան մէջ է, չէ ընկճուած, եւ պէտք է ամէն ինչ ընել այդ մէկը պահպանելու ի խնդիր: Ան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի օժանդակութիւն պէտք է ցուցաբերել թէ՛ բարոյապէս, եւ թէ նիւթապէս. «Կարծում եմ՝ ով Ղարաբաղում առաջին գծում գտնուելու հնարաւորութիւն չունի, նիւթական իր օժանդակութեամբ պէտք է մասնակից դառնայ հայրենիքի փրկութեան, հայրենիքի պաշտպանութեան այս գործին: Մենք պէտք է միաժամանակ պատրաստ լինենք նոր յարձակումների դիմագրաւելուն, պէտք է կառուցենք, վերաշինենք այն, ինչ աւերուել է Մարտակերտում, Թալիշում, Մատաղիսում: Դրա մէջ է մեր փրկութիւնը: Մեր զոհերը թանկ զոհեր են, բայց իմաստաւորուած է այդ զոհաբերութիւնը, որովհետեւ մենք պատուով ենք դուրս եկել: Անհաւասար ուժեր են եղել, նրանք տեխնիկապէս աւելի պատրաստուած են: Հաւանաբար, նաւթի տոլարներն օգնել են, որպէսզի հնարաւորութիւններ ձեռք բերեն, բայց մէկ է՝ ծրագրածը չեն յաջողել», ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Խօսելով այս օրերուն միջազգային հանրութեան արձագանգին մասին՝ Հրանտ Մարգարեան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ յառաջիկայ օրերուն արձագանգներու ծիրը աւելի եւս կրնայ ընդարձակուիլ, որովհետեւ Ատրպէյճան պատերազմական ոճրագործութիւն կատարած է, չի բաւեր, որ նախայարձակ եղած է, նաեւ արգիլուած զէնքեր օգտագործած եւ անմարդկային միջոցներու դիմած է: «Իբրեւ պատերազմական յանցագործ՝ Ադրբեջանն այսօր ամբաստանեալի աթոռին է նստած»,- հաստատած է Մարգարեան։
Անդրադառնալով այն հանգամանքին, որ, հակառակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան, Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել զինադադարի դրութիւնը եւ կրակ կը բանայ ո՛չ միայն Ղարաբաղի ուղղութեամբ, այլ նաեւ՝ Հայաստանի, Մարգարեան ըսած է. «Այդ ամէնը պէտք է զսպուի՝ համապատասխան պատասխան տալով: Հանրային, միջազգային կարծիքի ձեւաւորման գործում պէտք է կարողանանք ակտիւ գործունէութիւն ծաւալել, պէտք է հարցերն անընդհատ արծարծուած պահենք, ճնշենք Ադրբեջանին նաեւ քարոզչական, դիւանագիտական մակարդակում, որ նրանք պարտաւորուած լինեն նահանջ արձանագրել»: